2015-06-03 09:17:00

Կարդ. Մամպերթիի առաքելութիւնը Լիբանան` Հանդիպում Արեւելքի Պատրիարքներուն հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Վատիկանի Առաքելական Դատարանի կառավարիչ` կարդինալ Տոմինիք Մամպերթին, յատուկ առաքելութեամբ կը գտնուի Լիբանան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ տեղական պետական, քաղաքական եւ եկեղեցական իշխանութիւններուն հետ, քննարկելու համար նախագահական ընտրութեան հարցը, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու իրավիճակը։

Վերջին օրերուն Կարդինալ Մամպերթին հանդիպումներ ունեցաւ, ի մէջ այլոց, Լիբանանու նախկին նախագահ Զօր Միշել Սլէյմանի հետ, Լիբանանու Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի հետ ինչպէս նաեւ Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հետ։ Այս հանդիպումներուն,  Ծիրանաւորին կ՛ընկերանար Լիբանանի մէջ պապական նուիրակը գերապայծառ Կապրիէլէ Քաչիա:

Հանդիպումներու ընթացքին Կարդինալ Մամպերթին վերահաստատեց Վատիկանի յանձնառումը  ի սպաս Լիբանանի ապահովական կայունութեան` մատնանշելով նաեւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապին յայտարարութեան, թէ ''Լիբանան երկիր մը ըլլալէ աւելի է,  պատգամն է'':

Կարդինալ Մոմպերթի յոյս յայտնեց, որ երկխօսութեան ընդմէջէն եւ բոլորին ջանքերով կարելի ըլլայ լուծել ստեղծուած անիշխանութեան կացութիւնը:

Չորեքշաբթի` 3 Յունիսին, կարդինալ Մամպերթին հանդիպում կ՛ունենայ Արեւելեան Եկեղեցիներու Պատրիարքներուն  հետ։ Հանդիպումին հրաւիրուած են նաեւ քոյր եկեղեցիներու Պատրիարքները ու ներկայացուցիչները միասնաբար քննարկելու համար Միջին Արեւելքի անել իրավիճակը եւ քրիստոնեաներու ապրած ահեղ տագնապը։ 

Յայտնենք թէ վերոյիշեալ ժողովին կը մասնակցի նաեւ Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց` կաթողիկոս - պատրիարքը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.